2014-07-10 10:42:08

Վատիկանի մէջ ընկերային հաղորդակցութեանց միջոցներու բարեփոխում` պատշաճիլ նոր միտումներու եւ իրականացնել դրամական խնայողութիւններ։


Կարտինալ Ժորժ Բել` կառավարիչը Վատիկանի տնտեսութեան քարտուղարութեան, 9 յուլիս 2014-ին յայտարարեց ստեղծումը նոր կոմիտէի մը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ վերատեսել ու միացնել Վատիկանի ընկերային հաղորդակցութեանց բոլոր միջոցներու բաժանումները լաւագոյնս համակարգելու աշխատանքը, տնտեսական շօշափելի խնայողութիւններ կատարելու յոյսով։
Կոմիտէն, մէկ տարի ժամանակ ունի սերտելու եւ ներկայացնելու տնտեսավարչական ծրագիր մը, յայտարարած է կարտինալ Բելլ, մատնանշելով կարեւորութիւնը լաւագոյնս շահագործելու հաղորդակցութեանց արդի բոլոր միջոցները կապի մէջ մտնելու հանրութեան հետ եւ մասնաւորապէս նոր սերունդին հետ։ Այդ իրականացնելու համար, ըսաւ կարտինալ Բելլ, Վատիկանը միջազգային մասնագէտներ կանչած է մաս կազմելու կոմիտէին, ինչպէս. BBC տնօրէնը` անգլիացի Chris Patten, ամերկացի Gregory Erlandson` կոմիտէի նախագահը, գերմանացի Daniela Frank, սպանացի Leticia Soberon, սինկապուրցի George Yeo եւ ֆրանսացի Տօմենիքեան հայր Salobir պատասխանատու ընկերային հաղորդակցութիւններու տօմենիքեան միաբանութեան։ Կոմիտէին մաս կը կազմեն Վատիկանէն հինգ ներկայացուցիչներ։ Ս. Աթոռի ընկերային հաղորդակցութեան վերակազմակերպումը կը հայի մամլոյ գրասենեակը, Վատիկանի հեռուստատեսիլը, Ռատիօ Վատիկանը եւ Օսսերվատորէ Ռոմանօ նոյնպէս եւ ընկերային հաղորդակցութեանց քահանայապետական խորհուրդը։







All the contents on this site are copyrighted ©.